Նոյեմբեր 28-ին, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան այցելած է ԻՆԱԼՔՕ հիմնարկութիւն («Fondation Inalco») եւ Ֆրանսայի Ազգային արխիւի կեդրոնը, ուր տնօրէններու հետ քննարկած է միատեղ գիտահետազօտական աշխատանքներու, կրթութեան եւ գրաւոր ժառանգութեան պահպանման բնագաւառներու յառաջիկայ ծրագրերը:
Խզմալեան առաջարկած է միասնական ջանքերով ծաւալել արտաքին մասնագիտական ներուժի օգտագործումը՝ հայագիտական-միջնադարագիտական հետազօտութիւններու մէջ: Ան ներկայացուցած է Միջազգային հայագիտական համաժողովի արդիւնքները եւ հրաւիրած Ֆրանսայի Ազգային արխիւի տնօրէնն ու վերականգնող մասնագէտները մասնակցելու 2025-ին Մատենադարանի մէջ կայանալիք «Յիշողութեան կերպարանքերը» միջազգային սեմինարին:
***
Հայաստանի Մատենադարանի, Ազգային գրադարանի եւ Գրականութեան ու արուեստի թանգարանի տնօրէնները հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի եւ École nationale des chartes (ENC)-ի ղեկավարներուն հետ։
Կողմերը քննարկած են միատեղ գիտահետազօտական աշխատանքներու ուղղութիւններուն, գիրքերու եւ արխիւային հաւաքածոներու մէջ առկայ հայերէն ու ֆրանսերէն նիւթերու ուսումնասիրութեան, առանձին նիւթերու վրայ աշխատանքներ կատարող մասնագէտներու վերապատրաստման առնչուող հարցեր, շեշտելով մարդասիրական գիտութիւններու թուային կալուածէն ներս կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։