Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Մեծն Արեւելք»-ի կազմակերպած «Հայաստան՝ վտանգի տակ» խորագրեալ համաժողովը՝ բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու մասնակցութեամբ

«Ազատ որմնադիրներ» շարժումի ֆրանսական ամենահին եւ եւրոպական կարեւորագոյն կառոյցը հանդիսացող «Մեծն Արեւելք»-ի («Grand Orient») Փարիզի 9-րդ թաղամասի կեդրոնին՝ «Արթիւր Կրուսիէ» տաճարին մէջ, Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան՝ վտանգի տակ» խորագրեալ հանրութեան բաց համաժողով մը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ ծանօթ դէմքերու, որոնք յաջորդաբար խօսք առին։ Նախաձեռնութիւնը կու գար «Մեծն Արեւելք»-ի «Խաղաղութեան աստղ» («Etoile de la Paix»), «Ֆրանսա-Հայաստան» եւ «Արարատի որդի» («Fils d’Ararat») օթեակներէն, ինչպէս նաեւ Փարիզ-III-րդի որոշ օթեակներու մէկ հաւաքականութենէն։ 

Մեծ մասամբ ոչ-հայ ներկաներով լեփ-լեցուն տաճարին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բնաբանը, ինչպէս անոր խորագիրն ալ կը նշէ՝ Հայաստանի անկայուն, սպառնալիքի ենթակայ վիճակն էր եւ ի տես այս իրողութեան՝  բոլոր բանախօսները կեդրոնացան հաւաքական գիտակցութեան, զգօնութեան եւ անվհատութեան ու յոյսի առանցքներուն վրայ, ներկայացուցին այս իրավիճակէն դուրս գալու  իրենց տեսլականը, եւ այդ ուղղութեամբ կոչեր ըրին։

Նիստի բացման խօսքը արտասանեց «Մեծն Արեւելք»-ի կողմէ Փիէր Պելալում։ Զրուցավարութեան պաշտօնը ստանձնած էր 9-րդի քաղաքապետարանի խորհրդական եւ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ալեքսի Կէօվճեան:

Յաջորդաբար խօսք առին լրագրող եւ նախկին դեսպան Օլիվիէ Վեպեր, պատմաբան եւ փորձագիր Մառք Քնոպէլ, «Աշխարհական միասնութեան» («Unité Laïque») նախագահ Ժան-Փիէր Սաքուն, դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շահեկան փոխանակում հանրութեան հետ՝ ցոյց տալով իրողութեան նկատմամբ մասնակիցներու հետաքրքրութիւնն ու մտահոգութիւնը:

Ֆրանսայի «Մեծն Արեւելք»-ի գլխաւոր վարպետ Կիյոմ Թրիշառ արտասանեց եզրափակիչ խօսքը եւ Հայաստանի դեսպանին յանձնեց Մեծն Արեւելքի շքանշանը, որպէս խորհրդանիշը Ֆրանսայի բարեկամութեան ու անսասան աջակցութեան՝ Հայաստանին։ Ան նաեւ յայտարարեց «Եղբայրութիւն-Հայաստան» ծրագրի մասին, որու նպատակն է յառաջիկայ տարեսկիզբէն, Ֆրանսայի, Եւրոպայի մէջ եւ այլուր աջակցութիւն կազմակերպել վտանգի ենթակայ Հայաստանին։

Թ. Շ.