Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Պապիկեան եւ Լըքոռնիւ Ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր ստորագրած են

 

Ֆրանսա Հայաստանին պիտի վաճառէ յատկապէս օդային պաշտպանութեան ցամաքային համակարգեր

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Հոկտեմբեր 23-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Ֆրանսայի Բանակներու նախարարութիւն, ուր հանդիսաւոր կերպով դիմաւորուած է ֆրանսացի իր պաշտօնակից Սեպասթիէն Լըքոռնիւի, զինուորական նուագախումբի եւ պատուոյ պահակախումբին կողմէ։

Հնչած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը: 

Այնուհետեւ կայացած է երկու նախարարներուն միջեւ տեսակցութիւնը։ Ներկայ եղած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Օլիվիէ Տըքոթինյի։

Կողմերը քննարկած են Պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Ամփոփուած է 2022 Սեպտեմբերին եւ 2023 Յունիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն գոյացած համաձայնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու ընթացքը, նախանշուած են փոխադարձ գործակցութեան զարգացման նոր կարելիութիւնները՝ պաշտպանական համակարգերու ձեռքբերում, ռազմական կրթութիւն, վերապատրաստումներ, փորձառութեան փոխանակում եւ այլն։

 

Պաշտօնական հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է միատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին նախարար Լըքոռնիւ թուած է գործակցութեան շրջանակին մէջ Ֆրանսայի կողմէ նախատեսուած քայլերը, որոնց շարքին անկասկած ամէնէն կարեւորը՝ օդային պաշտպանութեան ցամաքային համակարգերու վաճառքն է Հայաստանին։

Իսկ նախարար Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսային՝ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան զարգացման եւ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:

Նախարարները պատասխանած են լրագրողներու հարցումներուն:

Աւարտին, կողմերը ստորագրած են երկկողմ համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր։ ■