Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը

Մարսիլիայէն եւ Ալֆորվիլէն ետք, Փետրուար 12-ի յետմիջօրէին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ ցուցադրուեցաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» (Gate To Heaven) ժապաւէնը, ներկայութեամբ բեմադիրին եւ դերասաններ՝ Թաթիանա Սփիվաքովայի ու Ռիշարտ Սամմըլի։ Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը։

Այս մէկը Արցախեան նիւթին շուրջ պատրաստուած Աւետիսեանի հանդածանօթ երրորդ ֆիլմն է՝ «Թեւանիկը»-էն եւ «Վերջին բնակիչը»-էն ետք։ Ժապաւէնը ութ երկիրներու՝ Հայաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չեխիոյ, Իտալիոյ, Պուրկարիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Լիթուանիոյ միացեալ արտադրութիւնն է։

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի, Համազգայինի եւ Հայ մշակոյթի տան կողմէ կազմակերպուած ցերեկոյթին սկիզբը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով յաջորդաբար խօսք առին Նոնիկ Յովհաննէսեան եւ Սեդա Սերենկիւլեան, որոնք բնականաբար անդրադարձան աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր պաշարուած Արցախի մարդասիրական տագնապին եւ կոչ ըրին ներկաներուն մասնակցելու արցախցի կիներու՝ Վոն տեր Լեյէնին ուղղուած բաց նամակը տարածելու նպատակով ստորագրահաւաքի արշաւին (տե՛ս. «ՆՅ»-ի Յունուար 31-ի 1834 թիւը)։

Ժապաւէնին նիւթը կեդրոնացած է 2016-ի Արցախեան պատերազմին վրայ։ Գերմանացի լուսանկարիչ-լրագրող Ռոպերթ Սթերնվալ շուրջ 25 տարի ետք կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու 2016-ին վերսկսած ահաւոր պատերազմը։ Ան 1992-ին, Թալիշ գտնուած է, գիւղին անկման օրը, ուր վերջին պահուն, բուռն կռիւներու ատեն, արցախցի լուսանկարիչ-լրագրող Էտկար Մարտիրոսեան անոր վստահած է պատերազմէն առնուած իր նկարները եւ խնդրած, որ զանոնք ցոյց տայ աշխարհին, որպէսզի ամէն մարդ տեղեակ ըլլայ թշնամիի գործած բարբարոսութիւններուն, որմէ ետք ալ Մարտիրսեանին հետ գերի ինկած են։ Ազերիները զինք ազատ արձակած են, իսկ Էդգարը սպանած։ Ռոպերթ կ՚իւրացնէ արցախցի լրագրողին լուսանկարները։ Այս անազնիւ արարքը երկար տարիներ կը չարչրկէ անոր հոգին։

2016-ի Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին գերմանացի լրագրողը կը ծանօթանայ օփերայի երգչուհի Սոֆիա Մարթիի հետ եւ սիրոյ զգացումով կը կապուի վերջինիս։ Այդ միջոցին Պերլինի մէջ կը պատրաստուի Ռոպերթ Սթերնվալի պատերազմի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր կը ցուցադրուին Էտկար Մարտիրոսեանի լուսանկարները Սթերնվալի անուան տակ։ Յետոյ կը պարզուի, որ Սոֆիան Էտկար Մարտիրոսեանի դուստրն է, որ երկար տարիներէ ի վեր կը փնտռէ անհետացած հօրը մասին տեղեկութիւններ։ Սոֆիա անակնկալ կերպով կ՚այցելէ ցուցասրահը, կը յայտնաբերէ իր հօր լուսանկարները Սթերնվալի անուան տակ։ Ի վերջոյ գերմանացի լրագրողը «դրախտի դարպաս»-ին դիմաց կը խոստովանի իր յանցանքը։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած ցուցադրութեան աւարտին երբ ներկաները երկար կը ծափահարէին, Ջիւան Աւետիսեան բեմ բարձրանալով խնդրեց, որ ոչ թէ զինք, այլ ներկայիս շրջափակուած Արցախի 120.000 հերոսները ծափահարեն, որոնք դժնդակ պայմաններու տակ կ՚ապրին, բայց կառչած կը մնան իրենց հողին։ Ի դէպ, Գիւմրի ծնած եւ Արցախ մեծցած բեմադիրին ընտանիքն ալ սա պահուս հոն կը գտնուի։

Ջիւան Աւետիսեանի կողքին, իրենց զգացումները եւ տպաւորութիւնները հաղորդեցին գլխաւոր երկու դերասանները։ Թաթիանա Սփիվաքովա (նշանաւոր ջութակահար Վլատիմիր Սփիվաքովի դուստրը) պատմեց, թէ ինք արմատներով շուշեցի ըլլալով Արցախը հարազատ է իրեն համար եւ մեծ հաճոյքով աշխատած է բեմադիրին հետ, մարմնաւորելով Սոֆիայի դերը։

Իր կարգին Ռիշարտ Սամմըլ խօսեցաւ Արցախի հիասքանչ բնութեան եւ հիւրասէր ժողովուրդին մասին, շեշտելով, որ եթէ ամէնուր մարդիկ նոյն վերաբերումը ունենային, աշխարհը դրախտի կը վերածուէր։ Անշուշտ, թէ՛ Աւետիսեան եւ թէ՛ դերասանները ցաւով անդրադարձան Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հարցին, դատապարտելով Արցախի բնակչութիւնը պաշարման ենթարկելու անօրինական արարքը։

Աւարտին, Ջիւան Աւետիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ տեղեկացուց, թէ նոր ժապաւէն մը կը պատրաստէ, այս անգամ 44-օրեայ պատերազմին արհաւիրքը արուեստի ճամբով աշխարհին ներկայացնելու հեռանկարով։

Նշենք, թէ «Դրախտի դարպասը» 2019 Հոկտեմբերին ներկայացուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այնուհետեւ ՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Լիբանան, Պելճիքա եւ այլուր։ Ժապաւէնը մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ փառատօներու եւ արժանացած մրցանակներու։

Մ.Լ. ■

Ջիւան Աւետիսեանի ֆիլմերու ցանկը.

– 1999 My first love

– 2001 Illusion

– 2006 Life Unobserved

– 2007 The Dawn is peaceful in Artsakh

– 2010 Dream Found

– 2013 Broken Childhood

– 2014 Tevanik

– 2016 The Last Inhabitant[4][5]

– 2019 Gate to Heaven

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝