Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Փաշինեան-Մաքրոն հանդիպումը

Էլիզէի պալատին մէջ Հոկտեմբեր 3-ին տեղի ունեցած վարչապետ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հանդիպումին կողմերը ընդգծած են երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման ուղղուած հետեւողական քայլերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը:

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի՝ Հայաստանի նկատմամբ յարատեւ աջակցութեան համար։ Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած՝ իր կառավարութեան քայլերուն, վարչապետը համոզում յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը պիտի նպաստէ այդ խնդրի լուծման։

Նախագահ Մաքրոն վերահաստատած է իր անվերապահ զօրակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման պատրաստակամութիւն։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ընկերային հարցերուն, երկուստեք ընդգծելով միջազգային հանրութեան հետեւողական աջակցութեան կարեւորութիւնը` առկայ խնդիրներու հասցէագրման եւ լուծման աշխատանքներուն մէջ:

Մաթինիոնի մէջ կայացած է Փաշինեանի եւ Պարնիէի տեսակցութիւնը

Նոյն օրը կայացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետերու տեսակցութիւնը։

Միշէլ Պարնիէ ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա այցելութիւնը եւ ընդգծած իր յանձնառութիւնը` նպաստելու երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացման ուղղութեամբ: Ան ջերմութեամբ յիշած է 1995 թուականին իր մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսայի դեսպանութեան բացման արարողութիւնը:

Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակցին, անոր՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան նուիրումին եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ բացառիկ յարաբերութիւններու ամրապնդման գծով անձնական նշանակալի ներդրումին համար։

Զրուցակիցները շեշտած են երկու երկիրներու ուժանիւթի, թուային արհեստագիտութեանց, քաղաքաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը: