«Լեգենդ Սուրամի ամրոցի մասին» ժապաւէնէն
Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Դեկտեմբեր 5-ին ֆրանսական Սինէմաթեքի սրահներուն մէջ ծայր առած է բեմադիրին ֆիլմերուն յետահայեաց ցուցադրութիւնը։
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Շարժարուեստի ու «Ֆրանսիս Քիւրքչեան» հիմնադրամներու աջակցութեամբ իրականացուող սոյն նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ շուրջ տասը օր շարունակ կը ցուցադրուին Փարաճանովի հեղինակած՝ «Հրեղէն ձիերը», «Նռան գոյնը», «Մոռցուած նախնիներու ստուերները», «Աշուղ Ղարիբը» եւ այլ նշանաւոր գործերը:
Յայտագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ արուեստագէտին նուիրուած վաւերագրական երեք ժապաւէնները՝ Գրիգոր Համելի եւ Ռուբէն Գէորգեանցի «Փարաջանով․ վերջին գոլաժը», Սերժ Աւետիքեանի եւ Օլենա Ֆեթիսովայի «Փարաճանով» եւ Փաթրիք Գազալսի «Փարաճանով․ յեղափոխականը»։
Ֆիլմերու ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 15։
Յայտագրին մօտէն ծանօթանալու համար՝
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։