Փարիզի Փիքասոյի թանգարանին մէջ ներկայացուած է խորանարդապաշտական եւ վերացական արուեստի մեծ պաշտպան, հաւաքորդ (collectionneur) եւ 1920-1930-ական թուականներու ժամանակակից արուեստի հովանաւոր Լէոնս Ռոզենպերկի բնակարանի ձեւաւորման նուիրուած « Dans l’appartement de Léonce Rosenberg: De Chirico, Ernst, Léger, Picabia…» ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած է նաեւ Երուանդ Քոչարի՝ 1934-ին ստեղծած տարածանկարը:
* * *
Ռոզենպերկ վերափոխած է իր փարիզեան տունը՝ ի պատիւ իր նախընտրած արուեստագէտներուն: Այդ բնակարանին մէջ, ուր կ՚ապրէր կնոջ եւ դուստրերուն հետ, ան ամէն մէկ սենեակը ձեւաւորած է նկարիչի մը աշխատանքներով: Ընդհանուր առմամբ, տասներկու նկարիչներ եւ քանդակագործներ այդ պատիւին արժանացած են. անոնց ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են ննջասենեակներու, հիւրասենեակին եւ ճաշասենեակին մէջ: Այդ աշխատանքները զուգակցելով կահոյքին հետ՝ Ռոզենպերկ ստեղծած է ոճերու արտասովոր խառնուրդ մը:
* * *
Ընտրեալ արուեստագէտներու շարքին եղած է նաեւ Երուանդ Քոչարը: Անոր՝ 1934-ին ստեղծած տարածանկարը, որ այժմ Փարիզի Փոմփիտու կեդրոնի հաւաքածոյին մաս կը կազմէ, նոյնպէս ներառուած է Փիքասոյի թանգարանի ցուցադրութեան մէջ: Հոն կան նաեւ Քոչարի արուեստին նուիրուած այլ յղումներ եւ յիշատակութիւններ:
Յունուար 30-ին նեղ շրջանակի մէջ տեղի ունեցած բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։
Ցուցահանդէսը, որուն կազմակերպութեան մեծապէս աջակցած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը, բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 19։ ■
Դեսպան Տոլմաջեան՝ Քոչարի ներկայացուած ստեղծագործութեան առջեւ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։