Յունիս 16-ին, Փարիզի « Buci » պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է քանդակագործ Նինա Խեմչեանի «Ոսկիի դարաշրջանը» (L’Age de l’Or) խորագրեալ ցուցահանդէսին, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի ներկայութեան։
Արուեստագէտը ներկայացուցած է իր նոր հաւաքածոյի ստեղծման պատմութիւնը, որուն ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացած է յատկապէս միջնադարեան հայ մանրանկարչութեան արուեստը։
Տիկ. Տոլմաջեան յաջողութիւն մաղթելով Խեմչեանին նշած է, թէ անոր ստեղծագործութիւնները իրենց ուրոյն տեղը ունին ժամանակակից եւ նորարարական արուեստի աշխարհին մէջ՝ Հայաստան, Ֆրանսա թէ այլուր, եւ կը նպաստեն ընդհանրապէս հայ արուեստի գործերը հանրութեան ծանօթացնելու աշխատանքին։
Նշենք, թէ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Յունիս 30, Փարիզի 6-րդ թաղը գտնուող պատկերասրահին մէջ։ Հասցէ՝ 73, Rue de Seine, 75006 Paris.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։