Հոկտեմբեր 4-5-ին, Փարիզի Ֆրանսախօսութեան աւանին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի քանի մը տասնեակ լուսանկարներու ցուցադրութիւնը՝ նուիրուած Շառլ Ազնաւուրին՝ «Ռոժէ Գասպարեանի Ազնաւուրը» խորագրով:
Ցուցադրութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած քննարկումին խօսք առին դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ լուսանկարիչին դուստրը՝ Լիտիա Գասպարեան:
Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց Ազնաւուրի հռչակը ֆրանսախօս աշխարհին մէջ, որ արդարեւ արժանացած էր «ֆրանսերէն լեզուի դեսպան» պատուոյ տիտղոսին՝ ֆրանսերէնի տարածման բերած իր մեծ նպաստին համար։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ Գասպարեանի հարուստ եւ ինքնատիպ լուսանկարչական ժառանգութիւնը։
Ցուցադրութեան զուգահեռ հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը՝ եռաչափ տպաւորութեան (impression 3D) միջոցով: Հպման պաստառներով եւ զօրութենական (virtuel) իրականութեան սաղաւարտներով «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը առիթ ընծայեց աւանի այցելուներուն նորագոյն արհեստագիտութեանց միջոցով տեսնելու եւ ճանչնալու Հայաստանի պատմամշակութային հրաշալիքները:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ֆրանսահայ «Երազ» համոյթը, որ ներկայացուց Շառլ Ազնաւուրին եւ Հայաստանին նուիրուած գեղեցիկ պարեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։