Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Ֆրանսախօսութեան խաղերուն դրօշը յանձնուեցաւ Հայաստանին

Յունիս 27-ին, Հայաստան պաշտօնապէս դարձաւ 2027-ի Ֆրանսախօսութեան 10-րդ խաղերը հիւրընկալող երկիր։

Նոյն օրը, Փարիզի մէջ այս առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին Խաղերուն դրօշակը յանձնուեցաւ Հայաստանին։

Վարչապետ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցչին հետ ստորագրեց համապատասխան յուշագիրը։