Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան Յունիս 17-ին այցելած է Փարիզի մէջ Յունիս 15-էն 18 ընթացած Եւրոպայի ամէնէն մեծ արհեստագիտական միջազգային ցուցահանդէսին՝ «VivaTech-2022»-ին ներկայացուած «ARMENIA» միասնական տաղաւարը։
ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան աջակցութեամբ «ARMENIA» տաղաւարին մէջ ներկայացուած են 9 startup-ներ (արհեստագիտական ոլորտի նորարար ձեռնարկութիւններ, որոնք կը գործեն համացանցի վրայ)։ Ութ ուրիշներ ալ ցուցահանդէսին մասնակցած են իբրեւ այցելու՝ այդպէսով կարելիութիւն ձեռք ձգելով գրաւելու շահագրգիռ ընկերութիւններու եւ ներդրողներու ուշադրութիւնը։
Հայկական տաղաւարին մէջ տիկին դեսպանուհիին միացած են Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի եւ Իլ-տը-Ֆրանսի փոխնախագահ Օթման Նասրու։
Հիւրերը ծանօթացած են հայկական startup-ներու ձեռքբերումներուն, նորարարութիւններուն, ինչպէս նաև՝ ներկայացուած արտադրանքներուն։ Անոնք պատասխանատուներուն հետ քննարկած են արհեստագիտութեանց նորարարական բնագաւառի զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։