Ձախէն՝ Անտրէ Անտոնեան, Վալերի Սաֆարեան, Կապրիէլլ Կոթէ, Արմէն Օրուջեան, Սուզաննա Շամախեան, Նուպար Աֆէեան եւ Ժան−Շառլ Սամուէլեան−Ուերվ
Նոյեմբեր 16-ին Փարիզի հեղինակաւոր Automobile Club de France-ի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Advance Armenia-ի կալա-ընթրիքը։ FAST-ի (Գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հայկական հիմնադրամ) կողմէ կազմակերպուած այս երեկոյթին նպատակն էր ապահովել Եւրոպայի հայոց աջակցութիւնը Generation AI (Արհեստական բանականութեան սերունդ) նախագիծին, այսինքն՝ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արհեստական բանականութեան ուսուցման ապահովման։ Աւելի ընդհանուր առմամբ՝ նախաձեռնութիւնը կը միտէր նպաստել հայրենիքի գիտական եւ արհեստագիտական ներուժի առաջխաղացման, որ էական նշանակութիւն ունի բարեկեցիկ եւ ապահով ապագայի տեսանկիւնէն։
Երեկոյթին ներկայ էր երկու հարիւր հոգի, որոնց մէջ նաեւ քաղաքական գործիչներ, ընկերակցութիւններու պատասխանատուներ, լրագրողներ։ Ֆրանսա ունենալով Եւրոպայի ամենամեծ հայկական համայնքը, բնական էր որ համաշխարհային այս միջոցառման կազմակերպման համար՝ եւրոպական ընտրութիւնը սեւեռէր անոր վրայ։ Արդէն Նիւ Եորք կանխած է Փարիզը, Ապրիլին հիւրընկալած ըլլալով առաջին կալան: Իսկ երրորդը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերին, Լոս Անճըլըսի մէջ։
Նոյեմբեր 16-ի երեկոյթը սկսաւ ժամը 18-ին քոքթէյլ-հիւրասիրութիւնով մը,– կենդանի դասական երաժշտութեան ուղեկցութեամբ,– որ ստեղծեց այլ հիւրերու հետ շփում ունենալու առիթ մը, ինչպէս նաեւ ընձեռեց արուեստի գործերու եւ յուշանուէրներու հետաքրքրական ու հարուստ ընտրանիի մը ծանօթանալու կարելիութիւն։ Այս նմուշները եւ իրերը մեծահոգաբար նուիրած էին FAST-ի ծրագրին աջակցող բարեկամներ, ինչպէս օրինակ՝ անուշահոտութիւններու ծանօթ գործարար Ֆրանսիս Քիւրքճեան, որ տրամադրած էր Ազնաւուրի բնատիպ լուսանկարը Ալհամպրայի մէջ, 1960 Դեկտեմբեր 1-ին (գործ՝ Ռոժէ Գասպարեանի), ինչպէս նաեւ շատ մը այլ իրեր՝ նախատեսուած գաղտնի աճուրդի համար։
Ընթրիքը,– որու հանդիսավարութիւնը կ՚ապահովէին Վալերի Սաֆարեան եւ Կապրիէլլ Կոթէ, երկուքն ալ իրենց մասնագիտական ասպարէզին մէջ ծանօթ դէմքեր,– հարուստ էր նշանաւոր բանախօսներով, ինչպէս՝ դոկտոր Նուպար Աֆէեան՝ FAST-ի համահիմնադիր, պարոն Անտրէ Անտոնեան՝ FAST-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ, տիկին Սուզաննա Շամախեան՝ FAST-ի գործադիր տնօրէնուհի եւ օրուան յատուկ հիւրը՝ Alan-ի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն, Mistral AI-ի համահիմնադիր ու խորհուրդի անդամ պարոն Ժան-Շառլ Սամուէլեան-Ուերվ։ Երեկոյթը ներկաներուն պարգեւեց նաեւ անմոռանալի երաժշտական պահեր, շնորհիւ հայկական երրեակի՝ դաշնակահարուհի Սոֆիա Մելիքեանի, ջութակահար Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ թաւջութակահար Միքայէլ Հախնազարեանի կատարումներուն, ընկերակցութեամբ՝ միջազգային համբաւի տէր թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեանի։
Աստղիկ Սիրանոսեան
Այս կալային հանգանակուած գումարներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ գանձատրել Հայաստանի մէջ 81 աշակերտի՝ Generation AI-ի ուսուցումը:
FAST-ը ստեղծուած է 2017-ին երեք յանձնառու գործարարներու կողմէ՝ բազմաթիւ ձեռնարկատիրութիւններու հեղինակ, նորարար ընկերութիւններու ներդրող Արթուր Ալավերդեանի, Flagship Pioneering-ի հիմնադիր եւ նախագահ-գործադիր տնօրէն, Moderna Inc.-ի համահիմնադիր եւ նախագահ, դոկտոր Նուպար Աֆէեանի եւ հուսկ՝ ընկերային ձեռնարկատէր, բարերար, այժմ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի։
FAST-ի ծրագրերը նպատակ ունին նպաստելու Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջխաղացման՝ այդ ոլորտներուն ձեռնտու համակարգի ստեղծման միջոցով, որ հիմնուած է երեք հիմնական սիւներու՝ կրթութեան, հետազօտութեան եւ առեւտրականացման վրայ: Գիտութիւնը, որպէս գիտելիքներու ամբողջութիւն, կը ջամբուի կրթութեան միջոցով, կը զարգանայ եւ կը հարստանայ հետազօտութիւններու միջոցով եւ հանրութեան համար շօշափելի կը դառնայ առեւտրականացումով։ Այս տարրերը գիտական բնագաւառի զարգացման հիմնական շարժիչ ուժերն են, այդ իսկ պատճառով FAST-ը կը նախաձեռնէ եւ կը գործադրէ ծրագրեր այս երեք ոլորտներուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։