Փելոզի շարժեց հայութեան զգացական ջիղը

Սեպտեմբեր 13-14-ին Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ Ազերպայճանի յարձակումները ծանր կորուստներ պատճառեցին՝ 207 զոհ, 297 վիրաւոր, 20 գերեվարուած զինուոր եւ դեռ ասոր քով՝ պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժում, բնակելի տուներու եւ ենթակառոյցներու ռմբակոծում, հազարաւոր մարդոց տեղահանում։ Միջազգային հասարակութիւնը պէտք էր խստօրէն հակազդէր։

Սեպտեմբեր 15-ին Ֆրանսայի նախագահութեամբ է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի յարձակումը քննարկեց։ Այդ առթիւ Հայաստանի ներկայացուցիչը պահանջեց Անվտանգութեան խորհուրդէն յանձնառու ըլլալ իր պարտաւորութիւններուն՝ պաշտպանել Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Ան զգուշացուց ներկաները ազերական երկրորդ յարձակումի նախապատրաստութենէն, այս անգամ Նախիջեւանի կողմէ, ուր զինուորական մեծ կուտակումներ կը նկատուէին։

Բարեբախտաբար, առաջին անգամ ըլլալով միջազգային հանրութիւնը Ազերպայճանի յարձակումը հասցէական տարբեր շեշտադրումներով դատապարտեց, բացի ՀԱՊԿ-էն, Ռուսաստանէն եւ Ազերպայճանի դաշնակից կարգ մը երկիրներէ, ինչպէս՝ Թուրքիայէն։ Բնականաբար, ամէնէն անընդունելին ու հիասթափութիւն պատճառողն էր հակազդեցութիւնը Ռուսաստանի կառավարութեան եւ ՀԱՊԿ-ի, որոնք իբրեւ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից՝ փոխանակ նեցուկ կանգնելու, դատապարտելու յարձակումը, պաշտպանելու Հայաստանի միջազգային սահմանները, ետ մղելու ազերական զինեալ ուժերը, երկու կողմներուն՝ ռազմական գործողութիւնները կասեցնելու կոչերով հանդէս եկան։

Այս իրողութիւնը շատ մեծ յուսախաբութիւն պատճառեց Հայաստանի հասարակութեան, մինչ մարդկային կորուստները ա՛լ աւելի կը խորացնէին հանրութեան վհատութիւնը, կորուստի ու անճարութեան զգացումը։ ԱՄՆ-ու Ներկայացուցչական պալատի նախագահուհի՝ Նենսի Փելոզիի Հայաստան այցը Հասարակակական անկումային հոգեվիճակը շեշտակի փոխեց։ Ժողովուրդը ոգեւորուեցաւ, վերջապէս միջազգային քաղաքական գործիչ մը յանդգնեցաւ այցելել Հայաստան անոր ամէնէն դժուար մէկ պահուն։ Փելոզի ըսաւ այն խօսքերը, որոնք այդ պահուն անհրաժեշտ էր, որ ըսուէին. նախ՝ դատապարտեց Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ Ազերպայճանի յարձակումը։ Երկրորդ՝ Հայաստանի ժողովրդավարութեան նեցուկ կանգնելու քաղաքական յստակ դիրքորոշում արտայայտեց։ Ապա նաեւ երրորդ՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յարգանքի տուրք մատուցեց։

Նենսի Փելոզիի Հայաստան այցելութիւնը ԱՄՆ-ն՝ Հարաւային Կովկասի քաղաքական դաշտ վերադարձնող քաղաքական մեծ յաղթաթուղթ մըն էր։ 2020-ի Արցախեան պատերազմին, Փութինի կողմէ Լաւրովեան ծրագրի անվրէպ իրականացումով, Ռուսաստան՝ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջոցաւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան մատնեց, ռուս խաղաղապահ ուժերը տեղաւորեց Արցախի մէջ, Արեւմուտքը հարաւային Կովկասի քաղաքական դաշտէն դուրս շպրտեց, իմաստազուրկ դարձնելով Մինսքի խումբի ԱՄՆ-Ռուսաստան- Ֆրանսա համանախագահութիւնը։ Եւ ահա Փելոզիի այցը յեղաշրջեց քաղաքական այս իրավիճակը։ Հայաստան այցելելով՝ ձեռք բերաւ կարեւոր յաղթաթուղթ մը, Հայաստանի ժողովուրդին սիրտը գրաւելով ընդդէմ Ռուսերուն, որոնք Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը կը սեպուին։ 

Սակայն Հայաստան կատարուած միակ այցով գարուն չի գար։ Հայաստանի շուրջ ռազմական իրավիճակը իրապէս չափազանց վտանգալից է։ Փելոզիի Հայաստան այցը եթէ առաջին ակնարկով խանդավառող է, սակայն ոչ մէկ երաշխիք կ՚ընդգրկէ Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովող։ Որքանո՞վ ԱՄՆ կրնայ հեռաւոր այս հողերուն վրայ տեղի ունեցող ռազմական բախումներուն առաջքը առնել։ Որքանո՞վ Փելոզիի այցը տարածաշրջանին մէջ իսկապէս լուրջ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկար կը հետապնդէ։ Որքանո՞վ ԱՄՆ կրնայ երկար ժամանակի վրայ զսպել թուրք-ազերական ռազմական գործողութիւնները։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հակակշռել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռուսական զինեալ ներկայութիւնը։ Ի՞նչ երաշխիք կայ որ ԱՄՆ պիտի կարենայ իր կամքը պարտադրել Թուրքիոյ նման ՕԹԱՆ-ի զօրաւոր եւ ռազմավարական դաշնակիցի։ Քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ պատիժներ սահմանելու։

ԱՄՆ-ու հետ գործակցիլը միշտ ալ եղած է արկածախնդրութիւն մը՝ 1918-ին Ուիլսընի խոստումները վկայ։ Նախագահ Պայտըն դեռ երկու տարի իշխանութեան գլուխը պիտի մնայ. իսկ եթէ ԱՄՆ-ու ընտրութիւնները դարձեալ իշխանութեան բերեն նախկին խենթը, իրավիճակը կրկին պիտի դառնայ անտանելի։ Միակ ելքը՝ Հայաստանի քաղաքական ուժերու հաւաքական գործակցութիւնն է։ 

Ժ.Չ. ■