Search
Close this search box.

Փոխնախարար Վարդանեան. «Հայաստան պատրաստ է կազ գնելու Ազերպայճանէն՝ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելէ ետք»

Հոկտեմբեր 26-ին, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային համաժողովի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պատրաստ է կազ գնելու Ազերպայճանէն՝ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելէ ետք։

“Հակամարտութեան պատճառով Ազերպայճանէն Հայաստան կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման դադրեցումը ցնցիչ իրադարձութիւն էր Հայաստանի կազաելեկտրական համակարգին համար, քանի որ այն ժամանակ մենք կազ կը գնէինք Ազերպայճանէն, իսկ յետոյ սկսանք Վրաստանի տարածքով նոր կազատարի շինարարութիւնը՝ մեր երկիր կազ մատակարարելու համար։ Կը յուսամ, որ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ մենք այն օրերուն պէս կը կարողանանք համագործակցիլ եւ բազմազան դարձնել մեր ուժանիւթային համակարգերը”,– ըսած է ան։