Փութին.- «Ուաշինկթընեան տարբերակով՝ կը նախատեսուի ճանչնալ Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին «Վալտայ» քննարկման ակումբի նիստին յայտարարած է, թէ իրավիճակի կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի հարցին մէջ իրենց դիրքորոշումը այն է, որ խաղաղութեան այս պայմանագիրը, անկասկած, անհրաժեշտ է։ “Մենք կողմնակից ենք խաղաղ կարգաւորման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային հիմնախնդրի ամբողջական կարգաւորման”,– ըսած է ան, շարունակելով՝ 

“Մենք կողմնակից ենք. իսկ թէ ո՞ր տարբերակը պէտք է ընտրել՝ այդ մէկը հայ ժողովուրդի որոշելիքն է։ Ամէն պարագայի, ո՛ր տարբերակն ալ ընտրէ, եթէ ան յանգեցնէ խաղաղութեան, մենք անոր կողմնակից կ՚ըլլանք, բայց նպատակ չունինք որեւէ բան պարտադրելու, մենք չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայաստանին որեւէ բան թելադրելու։

Եթէ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը կը համարէ, որ պէտք է ընտրել որեւէ տարբերակ, որքան ես կը հասկնամ այսպէս կոչուած՝ «ուաշինկթընեան տարբերակը» կը նախատեսէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան ճանաչում, ու եթէ Հայաստան այդպէս կը համարէ՝ խնդրեմ։ Մենք կը սատարենք հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր ընտրութեան։

Եթէ Հայաստանի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կը համարեն, որ Ղարաբաղ ունի որոշ առանձնայատկութիւններ, որոնք պէտք է քննարկուին եւ տեղ գտնեն ապագայ պայմանագրին մէջ, այդ նոյնպէս կարելի է, բայց անշուշտ պէտք է համաձայնիլ Ազերպայճանի հետ, որպէսզի այդ պայմանները ընդունելի ըլլան նաեւ միւս կողմին՝ Ազերպայճանի համար։

Սա շատ դժուար, բարդ հարց է, բայց Հայաստան մեր ռազմավարական գործընկերն է, դաշնակիցը, եւ մենք առաւելապէս կ՚առաջնորդուինք Հայաստանի նախընտրած տարբերակով, բայց նաեւ նկատի ունենալով Ազերպայճանի շահերը”,– ըսած է Փութին: