ՓՐԱԿԱ – Վարչապետ Փաշինեանի քառակողմ հանդիպումը Ալիեւի, Մաքրոնի եւ Միշէլի, եւ երկկողմ հանդիպումը Էրտողանի հետ

Հոկտեմբեր 6-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական քաղաքական համայնքի համաժողովին մասնակցելու համար ժամանած է Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակա, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի ուղեկցութեամբ։

Համաժողովի շրջանակին մէջ, նախ տեղի ունեցած է քառակողմ հանդիպում, մասնակցութեամբ՝ վարչապետ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի։ 

Սոյն հանդիպումին նախաձեռնած նախագահ Մաքրոն վերի լուսանկարը հրապարակած է՝ «Յանուն Կովկասի կայուն խաղաղութեան» մակագրութեամբ։

Վարչապետ Փաշինեան այնուհետեւ տեսակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Կողմերը քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն ու այդ ուղղութեամբ առնուելիք հետագայ քայլերը:

Շեշտուած է երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներու քննարկումներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու շուտափոյթ իրագործման անհրաժեշտութիւնը։ Հարցը կը վերաբերի մասնաւորապէս երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման եւ Հայաստան-Թուրքիա ուղղակի օդային բեռնափոխադրութեանց։ 

Քառակողմ հանդիպման յայտարարութիւնը

Հայաստան ու Ազերպայճան կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը

Վարչապետ Փաշինեանի, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի՝ 2022 Հոկտեմբեր 6-ին կայացած հանդիպումէն ետք, կողմերը հրապարակած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

«Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազերպայճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիև 2022 Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ կայացած «Եւրոպական քաղաքական համայնքի» շրջանակին մէջ, հանդիպում ունեցան:

Հայաստան ու Ազերպայճան հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ի Ալմա-Աթայի Հռչակագրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ան հիմք կը հանդիսանայ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու աշխատանքներուն համար, եւ թէ այդ յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը կը կայանայ Պրիւսէլի մէջ, մինչեւ Հոկտեմբերի վերջ:

Հայաստան իր համաձայնութիւնը յայտնեց՝ խրախուսելու Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը Ազերպայճանի հետ սահմանի երկայնքին: Ազերպայճան համաձայնեցաւ համագործակցելու նշեալ առաքելութեան հետ այնքանով, որքանով առնչութիւն կ՚ունենայ: Առաքելութիւնը իր աշխատանքները կը սկսի Հոկտեմբերին, առաւելագոյնը երկու ամիս պայմանաժամով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը, եւ իր զեկոյցներու միջոցով, սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցիլը»: