Չորեքշաբթի, Յունիս 12-ի առաւօտեան, Փրանկիսկոս պապը ընդունած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։
Յայտնենք, Թէ Արամ Ա. Հռոմ ժամանած է Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած Լիբանանի դեսպանութեան եւ Քահանայապետական Արեւելեան հիմնարկին հրաւէրով, դասախօսելու «Կրօնին դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ։
Արամ Ա.ի եւ Փրանկիսկոս պապի միջեւ հանդիպումը տեւած է գրեթէ երեսուն վայրկեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցած է երկու եկեղեցապետերու միջեւ գլուխ-գլխի զրոյց մը։ Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրթ Քոխ։
Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղեկցած են կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց թեմի առաջնորդ` Մեսրոպ եպիսկ. Սարգիսեան։
Հանդիպումին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցած է Վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը ու յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:
բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը:
գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը՝ գործուն ներկայութեամբ ոչ-կաթոլիկ եկեղեցիներուն:
դ) Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ամրապնդումը եւ նոր նախագահի ընտրութիւնը:
ե) Ազերպայճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու շուտափոյթ ազատ արձակումը:
զ) Արցախի հայութեան վերադարձը իր պապենական հողերը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած է նուէրներու փոխանակում։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։