Հայաստանի սահմանապահ ոստիկանութեան կողմէ Մուրատ Փափազեանի «անբաղձալի անձ» նկատուիլը եւ անոր Հայաստան մուտքը արգիլելը, անհասկնալի եւ դատապարտելի արարք է։
Առաջին անգամ չէ որ ֆրանսահայ քաղաքական գործիչի մը Հայաստան մուտքը կ՚արգիլուի սահմանապահ ուժերու կողմէ։ Անցեալին, Սերժ Սարգըսեանի իշխանութեան օրօք, 2015 Մայիս 21-ին, սփիւռքեան «Հայկական վերածնունդ» կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղի համակարգող Շանթ Ոսկերիչեան եւս նոյն ճակատագրին արժանացած էր։ Այն ժամանակ, CCAF դատապարտած էր արարքը, բայց ՀՅԴ-ն հակազդեցութիւն չէր ցուցաբերած, թերեւս ալ ՀՀԿ-ի հետ կառավարական դաշինք կնքած ըլլալուն պատճառով։
Ի՞նչ ալ ըլլան այցեալի ու ներկայի պարագաները, եղածը անընդունելի է, որքան որ անընդունելի են Հայաստանի պետական դէմքերու եւ դեսպաններու դէմ ՀՅԴ-ի եւ սփիւռքեան քաղաքական այլ ուժերու պայքարը արտասահմանի մէջ։
Տակաւին Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն հրապարակուած կամ բացատրութիւն տրուած է եղելութեան մասին։ Հաւանաբար ալ չտրուի։ Դատելով Շանթ Ոսկերիչեանի պարագայէն, ԱԱԾ-ն ոչ մէկ ստիպողութիւն ունի բացատրութիւն տալու։ Պետութեան անվտանգութիւնը գաղտնիքի ծայրագոյն պայմաններու մէջ կ՚աշխատի։ Այդպիսի դիրքորոշում ունեցած էր ԱԱԾ-ի փաստաբանը Ոսկերիչեանի պաշտպան Արթուր Սաքունցի յարուցած դատի լսումի ընթացքին, ըսելով. «օպերատիւ հետախուզական միջոցառումների արդիւնքները, որոնք վերաբերում են, ըստ էութեան, Ժ. Օզքիրիսեանի (Շանթ Ոսկերիչեան – Խմբ.) մուտքը արգելելուն, չեն կարող տրամադրուել…։ Սա է ԱԱԾ-ի դիրքորոշումը»։
Մուրատ Փափազեան ֆրանսահայ ծանօթ քաղաքական գործիչ է։ Իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ վերջին շրջանին մասնակցած է Հայաստանի ընդդիմութեան ներքաղաքական պայքարին, ցոյցերուն, որոնք Փաշինեանի իշխանութեան տապալումը կը ծրագրէին։ Որքան ալ ազգային, համահայկական դիտանկիւնէն նայած, հայրենասիրական զգացումներէ մեկնած՝ Հայ դատի նուիրեալի մը Հայաստանի իշխանութեան կողմէ երկիր մուտք գործելու արգելքի վարչական որոշումը անընդունելի համարուի, այս բեմադրութիւնը պէտք է դիտել քաղաքական պայքարի պրիսմակէն։ ՀՅԴ-ն, իբրեւ «Հայաստան Դաշինք»-ի խորհրդարանական ընդդիմութեան մասնիկ, անխնայ, փողոցային ծայրայեղական պայքար սանձազերծած է Հայաստանի իշխանութեան դէմ։ Բնական է որ իշխանութիւնը հակադարձէ, իր ձեռքին տակ ունեցած օրինական բոլոր զէնքերը գործածէ պայքարելու համար զինք տապալել ուզող ուժին դէմ, որ չի վարանիր այդ պայքարին մասնակից դարձնելու Սփիւռքի իր զինակիցները, որոնց առաջին կարգին կը գտնուի Մուրատ Փափազեան, իբրեւ Արեւմըտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ։
Փափազեանը թիրախ առնելու քայլը ունի նաեւ Հայաստանի պետական դէմքերու Ֆրանսա այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի դիրքորոշումը խնդրականացնելու միտումը. ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակը Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին առընթեր Սփիւռքի հարցերու բարձր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեանի Ֆրանսա կատարած անդրանիկ շրջապտոյտին առթիւ ՀՅԴ-ի անհիւրընկալ, չըսելու համար թշնակամական դիրքորոշումն է։ Քաղաքական պայքար է իշխանութեան տիրանալու, իշխանութիւնը պահպանելու անողոք պայքար է, որուն ետին հայրենասիրական, ազգային վեհ գաղափարներ պէտք չէ փնտռել։
Ցանկալի պիտի ըլլար, որ Սփիւռք-Հայաստան քաղաքական պայքարի, փոխըմբռնումի աւելի բարձր մշակոյթ ցուցաբերուէր Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ, մա՛նաւանդ նկատի առնելով Հայաստանի, Սփիւռքի, Արցախի եւ ընդհանուր առմամբ Հայութեան առջեւ ծառացած գոյութենական ճակատագրական մարտահրաւէրները։ Մինչդեռ կը տիրեն պառակտումն ու առճակատումը, փոխանակ ուժերը միացնելու եւ միասնական ճակատ ստեղծելու, պայքար մղելու հասարակաց թշնամիին դէմ, որ անողոքաբար, հակառակ բոլոր միջազգային օրէնքներուն՝ տակաւին պատանդ կը պահէ 44-օրեայ պատերազմի ռազմագերիներ, պատմամշակութային կոթողներ կը քանդէ, հայկական նորանոր հողեր կը ներխուժէ, հայատեաց քաղաքականութիւն կ՚որդեգրէ, Հայաստանի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան կը սպառնայ… Սակայն, ունինք ինչ որ ունինք։ Այսքանին արժանի ենք, եւ ո՛չ աւելիին։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս իրավիճակէն դուրս գալ։ Ներկայիս, բարելաւումի ո՛չ մէկ նշոյլ կ՚երեւի հորիզոնին։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։