Քաղաքացիական վիրաւորներու թիւը այս պահուն 4 է, առնուազն 2570 հոգի տեղահանուած է

 

Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանը կը շարունակէ փաստահաւաք աշխատանքներ կատարել Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Գեղարքունիքի մարզերու՝ ազերպայճանական յարձակման ենթարկուող համայնքներուն մէջ։ «Արմէնփրէս» (Հայաստանի ժամով՝ 15-ին, Ֆրանսայի ժամով՝ 13-ին) տեղեկանալով Մարդկային իրաւանց պաշտպանին հրապարակած հաղորդագրութենէն ու լուսանկարներէն, կը հաղորդէր, թէ ազերպայճանական զինուած ուժերը կը թիրախաւորեն քաղաքացիական բնակչութիւնն ալ։ Ըստ Մարդկային իրաւանց պաշտպանին հաւաքած տուեալներուն՝ քաղաքացիական վիրաւորներու թիւը այս պահին 4 է, որոնցմէ երկուքին՝ հիւանդանոցը  այցելած են Պաշտպանի ներկայացուցիչները։

Ըստ Պաշտպանի գրասենեակի հաւաքած տուեալներուն՝ ազերպայճանական յարձակումէն մինչեւ վերոնշեալ ժամը 2570 քաղաքացիներ տեղահանուած են իրենց տուներէն Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Նորաբակ, Կութ, Ազատ, Այրք, Տրետուք, Կուտակաւան, Սիւնիքի մարզի Ճակատէն, Շիկահող, Սրաշէն, Ներքին Հանդ, Աղիտու, Ակներ, Վերին Շէն համայնքներէն։ Տեղահանուածներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը կիներ են, երախաներ, տարեցներ, հաշմանդամներ…։

Նշուած համայնքներու երախաները, բացի տեղահանման ու հոգեբանական դժուար իրավիճակէն, զրկուած են նաեւ կրթութեան իրաւունքէն, քանի որ դպրոցները փակուած են ապահովութեան նկատառումներով։

Նախապէս ալ, Պաշտպանի աշխատակազմը արձանագրած է շտապօգնութեան փոխադրամիջոցներու թիրախաւորման դէպքեր։

Մեծաթիւ են ապացոյցները նաեւ սեփական տուներու, հաղորդակցութեան, ելեկտրականութեան ու քաղաքացիական այլ ենթակառոյցներու հրետակոծման, գնդակոծման եւ խափանման վերաբերեալ։ Յատկապէս շատ են աւերածութիւնները Սոթք, Կութ, Քարաշէն, Վերիշէն համայնքներուն մէջ. նման փաստեր հաւաքրուած են նաեւ Գեղամասար, Աղիտու, Սրաշէն ու Նորաւան համայնքներուն մէջ։

Բազմաթիւ են շարունակաբար յարձակման ենթարկուող քաղաքացիներու նիւթական վնասները, յա՛տկապէս՝ ինչ կը վերաբերի շարժուն ու այլ գոյքերու եւ ընտանի կենդանիներու։

Ազերպայճանական հրետակոծութեան հետեւանքով հրդեհներ ալ ծագած են շարք մը համայնքներու մէջ, յա՛տկապէս՝ Սոթքի եւ Ջերմուկ քաղաքի անտառային հատուածներուն մէջ՝ ներառելով աւելի քան 9 հեկտար տարածք։

«Փրկարարների աշխատանքն առաւելապէս բարդացնում է փաստը, որ հրդեհի որոշ օջախներ գտնւում են ադրբեջանական զինուժի վերահսկողութեան գօտում, իսկ որոշ դէպքերում այդ հատուածներն աշխուժ հրետակոծւում են։

Ադրբեջանական լրասփիւռներում հայատեացութեան արձանագրուած մակարդակը, այդ թւում՝ պետական պաշտօնեաների կողմից, շատ վտանգաւոր է եւ ըստ նախորդ փորձի՝ ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից պատերազմական յանցագործութիւնների կատարման մեծ ռիսկ է առաջացնում»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանի աշխատակազմին ստացած ու վերլուծած տուեալներն ու ապացոյցները՝ միջազգային իրաւական հիմնաւորումներով՝ գրաւոր կերպով կ՚ուղարկուին միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ այլ դերակատարներուն։