Search
Close this search box.

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան միաժամանակ միջազգային երկու մրցանակի արժանացած է

 

Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնէն կը հաղորդեն, որ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ կայացած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւրոպական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթ-փառատօնին կրկնակի յաղթանակ տարած է՝ գրաւելով առաջին տեղերը՝ գործիքային կատարողական արուեստ դասակարգերուն մէջ։ Այդպէսով, ան միաժամանակ յաղթական երկու դափնի շահեցուցած է Հայաստանին։

Միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Մարիաննա Գէորգեան վերջերս հանդիսացած էր Global Cultural Initiative World Folk Vision մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր՝ «Աշխարհի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ, ուր ներկայացուցած էր ազգային նուագարանը՝ քանոնը։ Տաղանդաւոր Հայուհին 115 երկիրներէ 3950 մասնակցներու մէջ արժանացած է Մեծ մրցանակին (Grand Prix)։

Արուեստագիտուհին նաեւ մրցանակներ շահած է Հնդկաստան կազմակերպուած միջազգային մրցոյթին՝ արժանանալով «Բեմական հմայք» եւ «Երաժշտութեան դեսպան» յատուկ մրցանակներուն։

Ան Հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի խմբավար քանոնահարուհին է։