Քերովբեան՝ երաժիշտ ընտանիքը…

 

Վարժ ենք Քերովբեանները տեսնելու Փարիզի Անաքօ տափանաւուն վրայ իբրեւ կազմակերպիչ, իբրեւ օգնական, իբրեւ ունկնդիր։ Քերովբեանները Անաքօ տափանաւուն հիմնադրութեան եւ գործունէութեան սիւներէն են։ Սակայն, Սեպտեմբեր 29-ին անոնք գրաւած էին իրենց բուն տեղը, բեմին վրայ, իբրեւ երաժիշտ, ինչ որ իրենց առաջին եւ կեանքի գլխաւոր նպատակը հանդիսացած է։ Եւ կ՚ըսուի թէ բացակաները միշտ «մեղաւոր» են երբ կը փախցնեն բացառիկ առիթ մը։ Եւ այդ օր, ոչ միայն բացակաները, այլ նաեւ ցանկացողներէն մաս մը եւս՝ չկարենալով մուտք գործել համերգասրահ, զրկուեցաւ բացառիկ համերգը ունկնդրելու առիթէն, այնքան որ մեծ էր տափանաւ փութացածներու թիւը։ 

Ձայն, քանոն եւ դափ, բաւ էր փոխանցելու հայկական երաժշտութենէն փունջ մը՝ Սայեաթ Նովայի աշուղական եւ ժողովրդական երգերէն, Քերովբեան Շուշանի, Վերժինի, Վահանի եւ Արամի մեկնաբանութեամբ։ Պարզ ու հանգիստ, մտերմիկ մթնոլորտի վարպետն է ու ջատագովը Քերովբեան Արամ։ Եւ Վերժինին հետ միասին երկար տարիներ է հայ համայնքի ծանօթ երաժիշտներն են՝ «Կոչնակ» եւ «Ակն» խումբերուն։ Քերովբեան Արամ հեղինակ է նաեւ եկեղեցական երաժշտութեան նուիրուած բազմաթիւ աշխատասիրութիւններու։ Վահան եւ Շուշան Քերովբեանները, երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք «Մեծ Պազար» խումբով հանդէս եկած են, եւ ներկայիս մաս կը կազմեն զանազան այլ երաժշտական եւ գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու։

Աշխարհաքաղաքական թոհուբոհին մէջ՝ հայկական աշխարհին գոյութեան սպառնացող վտանգներով լի այս օրերուն՝ ոգեւորիչ են ու անհրաժեշտ նման հաւաքներ, հայկական երաժշտութեամբ համայնքային կեանքը վերաշխուժացնելու, մշակութաբար զօրակցելու առումով բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին հողին պաշտպանութեան, մշակոյթին կենսունակութեան, հայկական ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցման ի խնդիր։ 

Ժ. Չ. ■