Մարտ 10-ին, Կիրակնօրեայ պատարագի աւարտէն ետք, Քիեւի Սրբոց Նահատակաց մատուռին կից սեղանատան մէջ կազմակերպուած է գրական-երաժշտական ցերեկոյթ մը՝ սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցած հայ երիտասարդներու կատարողութեամբ ներկայացուած են Վահան Տէրեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի հայերէն ու նաեւ ուքրաներէն թարգմանութեամբ բանաստեղծութիւններ, ուքրանացի երաժիշտներու հեղինակած երգեր:
Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրաինայի թեմի միատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս երկրորդ ցերեկոյթը ամէնամեայ աւանդութեան պիտի վերածուի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։