Search
Close this search box.

ՔԻՐԿԻԶՍՏԱՆ – Էրտողան. «Կը փափաքինք, որ Ազերպայճանի պատմական նուաճումները ամրապնդուին խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան միջոցով» 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի։

AZERTAC-ի համաձայն՝ Նոյեմբեր 5-ին ելոյթ ունենալով Պիշքեքի մէջ ընթացող Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան 11-րդ համաժողովին, Էրտողան անդրադարձած է Արցախեան երկրորդ պատերազմին:

“Մենք կը յուսանք եւ կ՚ուզենք, որ Ազերպայճանի պատմական նուաճումները, որոնք ձեռք բերուած են նահատակներու կեանքի գնով, ամրապնդուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեամբ”,– ըսած է ան։