Օգոստոս 25-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քիրկիզստանի Չոլփոնաթա քաղաքին մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:
Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու վարչապետերը քննարկած են ներքին շուկայի ամրապնդման, երթեւեկութեան ենթակառոյցներու զարգացման, մաքսային սակագիներու կարգաւորումներուն, թուային օրակարգի եւ այլ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը տեղի կ՚ունենար Օգոստոս 26-ին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։