Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարի տեղակալներ Արթուր Մարտիրոսեան եւ Ժաննա Անդրէասեան ընդունած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը եւ տնօրէնի օգնական Շողեր Մարկոսեանը:
Նախարարութենէն հաղորդած են, թէ հանդիպումին կողմերը քննարկած են Հայաստանի մէջ արևմտահայերէնի դասաւանդման, տարածման եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն առնչուող հարցեր:
Արթուր Մարտիրոսեան ողջունած է հիւրերը՝ ընդգծելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը վերոնշեալ նիւթերուն շուրջ՝ վստահութիւն յայտնելով, որ պետական աջակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ իրագործուող ծրագրերու համադրութեամբ կարելի է էական յառաջընթաց ապահովել շարք մը հարթակներու վրայ, ինչպէս՝ Սփիւռքի կրթօճախներու քարտէսագրումը, հայագիտական կեդրոններու ցանցի ընդլայնումը, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւ այլն:
Ժաննա Անդրէասեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ կը գործէ արեւմտահայերէնի դասաւանդման երաշխաւորուած ծրագիր՝ նախատեսուած՝ բարձր դասարաններու համար: Ան ընդգծած է Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Հայաստան փոխադրուած երախաներու համարկման եւ արեւմտահայերէնի խրախուսման կարեւորութիւնը:
Նախանշուած են ուսուցիչներու վերապատրաստման, արեւմտահայերէնի դասաւանդման մեթոտական նիւթերու պատրաստման նպատակով ջանքերու միաւորման հեռանկարները:
Արեւմտահայերէնի տարածման ուղղութեամբ Ժաննա Անդրէասեան իբրեւ լուծում առաջարկած է հանրակրթական պետական նոր չափորոշիչով նախատեսուող նախագծային աշխատանքները, որոնք կ՚իրականացուին 7-րդ դասարանէն սկսեալ: Ըստ Անդրէասեանի՝ նախագծային աշխատանքին մէջ կրնայ ներառուիլ արեւմտահայերէնի վերաբերող որեւէ առարկայ՝ սկսեալ պատմութենէն մինչեւ գրականութիւն: Ան շեշտած է նաեւ սփիւռքահայ եւ հայաստանցի երախաներու համագործակցութեան կարելիութիւնը: Այս համածիրին մէջ Արթուր Մարտիրոսեան առաջարկած է պետական աջակցութեամբ իրականացուող Համահայկական հայագիտական ողիմպիականը իբրեւ նախագծային ուսուցման եզրափակիչ փուլ դիտարկելու հնարաւորութիւնը:
Ռազմիկ Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպման համար՝ ընդգծելով արեւմտահայերէնի նկատմամբ պետական մօտեցումը:
Անոր գնահատումով՝ արևմտահայերէնի պահպանման խնդիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարբեր բնոյթ կը կրէ: Փանոսեան տեղեկացուցած է, որ քննարկման փուլին է արդի արեւմտահայերէն գրականութեան ընթերցարան ստեղծելու հարցը՝ լեզուի տարածման նպատակով: Ան դրական գնահատած է ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագրերու մշակման, վերապատրաստման գործընթացի, միատեղ նախագծային աշխատանքի իրականացման կարելիութիւնը:
Հանդիպումին՝ քննարկուած են արեւմտահայերէնի թուայնացման, դպրոցականներու ներգրաւմամբ արեւմտահայերէնով տարբեր հարթակներու, կայքերու պատրաստման հեռանկարները: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ հայագիտութեան խրախուսման ու զարգացման միտող միացեալ ծրագրերու մշակման հարցին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։