Search
Close this search box.

ՔՊ-ական Լուսինէ Բադալեանի՝ Կիրանցի մէջ հպարտութեան առիթը կը դժուարանան տեսնելու տեղացիները

Յուլիս 5-ին, ՔՊ-ական երեսփոխանները այցելած են Տաւուշի մարզ, հետեւած՝ սահմանազատուած հատուածներու ամրաշինական աշխատանքներուն։ Խումբին մաս կազմող Լուսինէ Բադալեան իր տեսածները մեկնաբանելով գրած է.

«Ես անսահման հպարտ եմ իմ տեսածով, թող “երկիր քանդելը” այսպէս լինի»։ 

Այս մեկնաբանութեան հակազդած է կիրանցի բնակիչ Գոհար Վարդանեան. «Տիկին Լուսինէ Բադալեան, այդ ի՞նչ էք տեսել Կիրանցում որ անսահման հպարտութիւն էք ապրել: Քանդուած շինութիւննե՞րը, մարդկանց այգիներով, վարելահողերով անցնող սահմանային փշալարե՞րը, յանձնուելիք ճանապա՞րհը և կամո՞ւրջը, միգուցէ դպրոցից 60 մետր ներքև կառուցուող պա՞տը, Ադրբեջանի դրօ՞շը…։
Ի՞նչ էք տեսել, ասէք մենք էլ տեսնենք եւ հպարտանանք ձեզմով»։