Սեպտեմբեր 28-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն առթիւ Հայաստան ժամանած Քրիստոնէական եկեղեցիներու և միջեկեղեցական կառոյցներու պատուիրակութիւններն ու ներկայացուցիչները, Հայ եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռի միաբան Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանի, կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու բարեխօսական կարգ:
Նոյն օրը, եկեղեցականները այցելած են նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին:
Պանթէոնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է։ Հոգեւորականաց դասը աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։