Օգոստոս 18-ին, Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցւոյ մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ պատարագ կը մատուցուի:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Քաշաթաղի շրջանի հոգեւոր հովիւ Բենիամին քահանայ Ծատուրեան:
«Սիրելի՛ հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցում սոյն թուականի Օգոստոսի 18-ի՝ ժամը 11-ին կը մատուցեմ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի։
Սիրով հրաւիրում ենք ամէնքիդ ներկայ գտնուելու եւ միասնաբար աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած»,– գրած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։