Search
Close this search box.

Օգոստոս 18-19-ին Փութին պետական այցով կը մեկնի Պաքու

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Օգոստոս 18-19-ին պետական այցով կը մեկնի Պաքու։ Լուրը կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը։

«Նախագահ Ալիեւի հետ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին ռուս-ազերպայճանական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ արդի միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներ։

Պետութիւններու ղեկավարները միացեալ յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակեն եւ պիտի ստորագրեն միջկառավարական եւ այլ փաստաթուղթեր»,– նշուած է Մոսկուայի այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։