ՕԹԱՆ. Թուրքիա վերցուցած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան դէմ արգելքը

 

Ծանօթ է, որ Թուրքիա, որպէս անդամ, կը խոչընդոտէր Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան գործընթացը, պատճառաբանելով որ այդ երկիրները յա՛տկապէս քրտական ՓՔՔ-ի եւ կիւլէնական ՖԷԹԷՕ-ի որջեր են եւ պայման դրած էր, որ ցանկագրուած բազմաթիւ «ահաբեկիչներ» իրեն վերադարձուին, պահանջ մը որու  նկատմամբ առաջին առթիւ շատ գաղջ վերաբերում չէին ցուցաբերած խնդրոյ առարկայ երկիրները։  

Երեքշաբթի, Յունիս 28-ին, Մատրիտի մէջ կը սկսէր ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը։

Առաջին օրն իսկ անակնկալօրէ(՞)ն յայտարարուեցաւ, թէ Թուրքիոյ եւ սքանտինաւեան երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն։ Թուրք մամուլը կը գրէր, թէ անոնք Թուրքիոյ պիտի վերադարձնեն պահանջուած «ահաբեկիչները» եւ Թուրքիա ալ պիտի վերցնէ ՕԹԱՆ-ին անոնց անդամակցութեան դէմ արգելքը։ 

Նշենք թէ թրքական կողմին «ահաբեկիչներ» որակածներու ցանկին մէջ կայ նաեւ Հայոց բարեկամ, այլախոհ, մարդկային իրաւանց պաշտպան, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլուի անունը։  

Խմբագրական