Օհանաւանի (*) տարածքին բացուած վաղ միջնադարեան ժայռափոր կառոյցէն յայտնաբերուած 56 հնագիտական առարկաններէն մէկը խունկի մնացորդներով խնկաման է:
Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը հաղորդած է, որ խնկամանը թանգարանային առարկաներու վերականգնման տարրալուծարանին մէջ մաքրուած է դարերու փոշիէն։
Դարաւոր պատմութիւն ունեցող ամանին մէջ պահպանուած են խունկի մնացորդներ, որ ինքնին նոր հետազօտութեան առիթ կը հանդիսանայ:
Հնագէտ Աշոտ Փիլիպոսեանի համաձայն՝ խնկամանը փոշիով ծածկուած էր եւ մասնագէտները խնկամանը մաքրելու ատեն 5-րդ դարու խունկ յայտնաբերած են, որ շատ անուշ բոյր ունի։
(*) – Օհանաւան գիւղը կը գտնուի Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Աշտարակի շրջանի Քասախ գետի բարձրադիր ափին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։