Search
Close this search box.

Օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը կը համագործակցի Միլանոյի «Լա Սքալա» կատարողական արուեստներու եւ արհեստներու թատրոնին հետ

Սեպտեմբեր 23-ին, «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին եւ Միլանոյի «Լա Սքալա» թատրոնի կատարողական արուեստներու եւ արհեստներու ակադեմային միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր մը:

Փաստաթուղթը ստորագրած են Օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն Կարէն Դուրգարեան եւ «Լա Սքալա» թատրոնի տնօրէնուհի Լուիզա Վինչի: Այսպէսով կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են նպաստելու երկու հաստատութիւններու  կատարողական արուեստի զարգացման, թատրոններու միջեւ համագործակցութեան խթանման։

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան գնահատած է սոյն նախաձեռնութիւնը՝ մասնագիտական կրթութեան միջոցով կատարողական արուեստի որակի բարձրացման տեսանկիւնէն։

«Լա Սքալա»-ի տնօրէնուհին ալ իր խօսքին մէջ ընդգծած է համագործակցութեան յուշագրին մէջ ներառուած կէտերը, ուր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ ոչ միայն երգիչներու եւ կատարողներու, այլ նաեւ բեմական աշխատանքին առնչուող այլ մասնագէտներու վրայ։