Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ Օգոստոս 19-ին Ֆինլանտայի՝ բնակչութեան թիւով երկրորդ քաղաքը համարուող Էսփուի Սուրբ Հերման եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է հայկական առաջին խաչքարի օծման եւ բացման արարողութիւնը։
Հայաստան-Ֆինլանտա միութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուած խաչքարը կերտած է հայրենի քանդակագործ Յովհաննէս Ստեփանեան։
Արարողութեան մասնակցած եւ ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղած է Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Հայարփի Դրմէեան։ Ան ընդգծած է հայ-ֆիննական բարեկամութեան նուիրուած խաչքարին կարեւորութիւնը, նշելով որ կոթողը այսուհետեւ կը հանդիսանայ Ֆինլանտայի հայ համայնքի ներկայութեան բացառիկ խորհրդանիշը։ Յիշատակելով, որ խաչքարը Հին Ջուղայի մէջ՝ Ազերպայճանի կողմէ ոչնչացուած խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակն է՝ հայ դիւանագէտը անդրադարձած է ութ ամիսէ ի վեր շաունակուող Բերձորի միջանցքի շրջափակման՝ շեշտելով, որ Արցախի Հայութիւնը կանգնած է մարդասիրական աղէտի շեմին եւ միջազգային հանրութեան համապատասխան քայլերու բացակայութեան պարագային թէ՛ բնիկ Հայութիւնը եւ թէ՛ հայկական ժառանգութիւնը կրնան ենթարկուիլ Հին Ջուղայի Հայութեան եւ հայկական մշակութային արժէքներու ճակատագրին։
Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Հայաստան-Ֆինլանտա միութեան նախագահ Դանիէլ Դաւթեան, Հայաստանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Քիրսթի Նարինէն, համայն Ֆինլանտայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Լէօ Մաքոնէն, Սուրբ Հերման եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Փեթրի Քորհոնէն։
Խաչքարին օծումը կատարած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ Տիրան եպիսկոպոս Պետրոսեան, մասնակցութեամբ՝ Դանիոյ հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս քահանայ Յովհաննիսեանի։
Հայկական երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած է հայ-ֆիննական «Լոյս» (Valo) երգչախումբը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։