ՖՈՒԹՊՈԼ. Հայրենի հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ Ազգերու լիկայի մրցաշարքը

Հայաստան – Իռլանտա՝ 1 – 0

ԻՒԷՖԱ-ի 2023-ի Ազգերու լիկայի մրցաշարքը սկսաւ Յունիս 1-ին։ Յունիս 4-ին, Բ. խումբի թիւ 1 խմբակի (կան Ա., Բ.,Գ. եւ Դ. խումբեր, իւրաքանչիւրը 4-ական խմբակով եւ այս խմբակներն ալ՝ 4-ական հաւաքականով) առաջին մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտին մէջ կը հիւրընկալէր Իռլանտայի ընտրանին:

Խաղը ընդհանուր առմամբ ընթացաւ հայրենի հաւաքականին խաղային առաւելութեամբ, որ 74-րդ վայրկեանին ձեռք ձգեց նաեւ արդիւնքի առաւելութիւնը  շնորհիւ Էդուարդ Սպերցեանի նշանակած գեղեցիկ կոլին։ Մրցումը այդպէս ալ՝ 1 – 0 վերջ գտաւ Հայաստանի յաղթանակով։ 

Այս խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Ուքրաինայի եւ Սկովտիոյ հաւաքականները, որոնք դեռ չեն խաղացած։ Հայաստանի յաջորդ մրցումը Յունիս 8-ին է, Սկովտիոյ հետ, այս վերջնոյն դաշտին վրայ։ 

Խմբագրական