Հայաստանի Ազգային գրադարանի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ վերջերս ֆրանսահայ Արմինէ Գրիգորեան հազուագիւտ թերթեր (13 խորագրով 144 միաւոր լրագիր) նուիրած է Գրադարանին, որոնցմէ 103-ը կը պակսէր նոյն գրադարանի հաւաքածոներուն մէջ։
Գրադարանը նշած է այդ թերթերէն մի քանիին անունը. «Ազատ խօսք» (Սոֆիա), «Նոր երկիր» (Փարիզ), «Հորիզոն» (Կ. Պոլիս), «Տարագիր» (Մարսիլիա), «Հայ սիրտ» (Մարսիլիա)։
«Ազգային գրադարանը սկզբունքով՝ Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող տպագիր հրատարակութիւններու օրինակներ կը ստաnայ։ Իսկ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող պարբերականները եւ գիրքերը մեզի կը հասնին մեր ազգասէր եւ հայրենասէր հայրենակիցներու նուիրատւութիւններու շնորհիւ»,– հաղորդած է Գրադարանը Դիմագիրքի իր էջին գրառումով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։