Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակած է, զոր կու տանք ֆրանսերէնէ թարգմանաբար.-
«Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) մեծ ցնցումով իմացաւ իր համանախագահին՝ Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքը՝ Չորեքշաբթի, Յուլիս 13-ին, Երեւանի օդակայանին մէջ:
Այս որոշումը անյարիր է յայտարարուած թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբունքներուն, կը սպառնայ եւ վտանգի կ՚ենթարկէ Ֆրանսահայութեան ազատ խօսքի արտայայտութեան իրաւունքը, ուղղակի հարուած է՝ հայաշխարհի միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու անոնց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կ՚ոտնահարէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը բարդացնէ երկրէն ներս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ ներքին լարուածութիւնը եւ փխրուն անվտանգութիւնը:
Հայաստանը կը պատկանի նաեւ Սփիւռքահայութեան, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի զաւակներուն ու թոռներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք կը պայքարին ի խնդիր մեր իրաւունքներուն: Եւ ո՛չ մէկը կրնայ որոշել արգելակումը կամ արտաքսումը յանուն Հայ դատին պայքարող գործիչներուն՝ քաղաքական հաշիւներ լուծելու համար:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համախմբող խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ այս խայտառակ որոշումը եւ կը պահանջէ անոր անմիջական ջնջումը, ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մուրատ Փափազեանին»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։