Search
Close this search box.

Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կը յորդորէ առանց հիմնական պատճառներու չայցելել Ազերպայճան

Սեպտեմբեր 4-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը իր երկրի քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ երկքաղաքացիութիւն ունեցողներուն, յորդորած է առանց հիմնական պատճառներու չայցելել Ազերպայճան՝ կամայական ձերբակալութիւններէ, բանտարկութիւններէ եւ անարդար դատավարութիւններէ խուսափելու համար։

«Այս վտանգը կը վերաբերի յատկապէս սովորական զբօսաշրջային այց կատարող կամ գործով ճամբորդողներուն: Ձերբակալութեան կամ բանտարկութեան պարագային ենթակային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը երաշխաւորուած չէ։

Ազերպայճանի մէջ ձերբակալուող որեւէ ֆրանսահպատակ ենթակայ է՝

– նախնական բանտարկութեան՝ մինչեւ դատավարութիւնը, կամ երկրի տարածքէն դուրս ելլելու արգելքի, որ կրնայ քանի մը ամիս տեւել:

– երկարատեւ բանտարկութեան դատապարտումներու՝ պաշտպանութեան իրաւունքներու անտեսումով:

Բացի ատկէ, խստիւ կը յանձնարարուի խուսափիլ Հայաստանի սահմանակից շրջաններ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզ եւ յարակից տարածքներ երթալէ»,– մասնաւորապէս նշուած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: