Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազերպայճանի հանդէպ պատիժներ առաջարկող բանաձեւը

Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ետք, Նոյեմբեր 30-ին Ազգային ժողովն ալ միաձայնութեամբ (256 թեր եւ 0 դէմ) ընդունեց Հայաստանին աջակցող և Ազերպայճանի նկատմամբ պատիժներ առաջարկող բանաձեւը։

Ի շարս այլ դրոյթներու՝ Ազգային ժողովի բանաձեւը.

– Կոչ կ՝ընէ բոլոր հայ ռազմագերիները անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակելու եւ զանոնք հայրենիք վերադարձնելու։

– Կ՚առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել անհատական պատիժներու կիրարկման կարելիութիւնը՝ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ յարձակումներու եւ բռնագրաւման շարունակման պարագային։

– Կոչ կ՝ընէ կառավարութեան շարունակելու միջնորդական ջանքերու գործադրումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդրի լուծման նպատակով, համաձայն խորհրդարանի 2020-ի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշուած բանաձեւով կառավարութեան կ՚առաջարկուի ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղը)։

– Կ՚առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման հնարաւորութիւնը;

– Կոչ կ՚ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր միջոցները Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Բանաձեւը ներկայացուած է խորհրդարանի մեծամասնութեան՝ իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան անունով։

Բանաձեւին ընդունման նիստին՝ պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով՝ ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհին եւ դեսպանութեան անձնակազմը։

Նշենք, թէ նախքան քուէարկութիւնը ելոյթ ունեցան Ազգային ժողովի տարբեր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք յայտարարեցին, թէ թեր պիտի քուէարկեն բանաձեւի ընդունման նախագծին։

ֆրանսացի երեսփոխանները յիշեցուցին, թէ ինչպէս Մարտ ամսուն Ազերպայճանի իշխանութիւնները օրերով դադրեցուցին Արցախի կազի մատակարարումը` ցուրտի մէջ պահելով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։

Երեսփոխանուհի Էմանիւէլլ Մենառ Եւրոպական Միութիւնը մեղադրեց Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի յարձակման՝ իր պահպանած լռութեամբ աջակցելուն համար։

Երեսփոխանները նաեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը մեղադրեցին Ազերպայճանին զէնք վաճառելուն համար։

Անոնք կոչ ուղղեցին վերջ տալու երկակի չափանիշերու քաղաքականութեան՝ հետագային «կոկորդիլոսի արցունքներ» չթափելու համար։

Բանաձեւի ամբողջական բնագիրը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝

https://www.assemblee-nationale.fr/dyn/16/textes/l16b0388_proposition-resolution?fbclid=IwAR3sY1TJKJ4IF37fIeqcoxSGLOcPquKOu0cMnFxQns-M-3RmuzmbnZarJxQ