Ֆրանսայի գիւղական համայնքներու ղեկավարներու ընկերակցութեան նախագահ Միշէլ Ֆուռնիէ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը այս օրերուն աշխատանքային այցով կը գտնուին Հայաստան ։
Պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 31-ին այցելած է Երեւանի Գիւղատնտեսութեան (Ագրարային) պետական համալսարան։
Համալսարանի պատասխանատուներուն եւ ուսանողութեան հետ այս հանդիպումը առիթ ընծայած է շօշափելու հեռանկարներ՝ հայ ուսանողներու համար վարժութեան կարելիութիւններ ֆրանսական տնտեսութիւններուն մէջ եւ համալսարանական նոր համագործակցութիւններ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։