Search
Close this search box.

Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է հայ-ազերպայճանական սահման

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է հայ-ազերպայճանական սահման։

Եւրոպական Միութեան առաքելութենէն կը հաղորդեն, թէ իրենց համար մեծ պատիւ էր Եւրոպական Միութեան կեդրոնին մէջ ընդունիլ Ֆրանսայի դեսպանը։ Վերջինս տեղեկացած է առաքելական խումբին աշխատանքներու մասին։

Ան միացած է նաեւ Խաչիկ գիւղի զինուորական պահակախումբին, տեղւոյն վրայ հետեւելու համար տարուող աշխատանքներուն։