Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ անդրադարձած է Ազերպայճանի վերջին յարձակումներուն:
«Շատ օգտակար էր մեր այցը Սեպտեմբեր 13-ի եւ 14-ի յարձակումներէն տուժած տարածքներ։ Բազմաթիւ բնակարաններ ու քաղաքացիական ենթակառոյցներ աւերուած կամ վնասուած են: Հայերը պէտք է խաղաղ ապրելու կարելիութիւն ունենան: Ֆրանսա կը շարունակէ աշխատիլ յանուն Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը յարգելու գործընթացին»,– Թուիթըրի իր հաշիւին գրած էտիկին Լույօ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։