Search
Close this search box.

Ֆրանսայի դեսպան Տըքոթինյի՝ Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի քարտէսը հրապարակած ու գրած է. «Մի՛ակ ու մի՛այն»

 

Նոյեմբեր 24-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի X-ի իր էջին հրապարակած է Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի քարտէսը, քովն ալ գրելով՝ «Մի՛ակ ու մի՛այն»։

Ըստ էութեան, դեսպանը կը հակազդէ Ազերպայճանի՝ Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ազերպայճան» ներկայացնելու կեղծ թեզերուն:

Աւելցնենք, որ ի տարբերութիւն հայերէնին՝ ֆրանսերէնով թէ՛ Ատրպատականին, թէ՛ ալ Ազերպայճանին կը տրուի նոյն անուանումը՝ Azerbaïdjan, ինչպէս անգլերէնով՝ Azerbaijan, ինչ որ դիւրացուցած է դեսպանին՝ իր միտքը բանաձեւելու հարցը։