Search
Close this search box.

Ֆրանսայի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը ԵՄ-ի դէտերուն հետ այցելած է հայ–ազերպայճանական սահմանային գօտի

 

Սեպտեմբեր 15-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) առաքելութիւնը հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին և Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուռլանժը:

«Ֆրանսական պատուիրակութիւնը Արարատի մարզին մէջ միացաւ մեր դէտերուն՝ տեղւոյն վրայ տիրող կացութեան մօտէն ծանօթանալու համար»,– նշուած է ԵՄ-ի առաքելութեան X-ի էջին վրայ։