Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ազերպայճանի յարձակումները դատապարտող Ազգային ժողովի միաձայն քուէարկութենէն ետք, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը՝ France Diplomatie-ն վերապահութիւններ կը յայտնէ Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի միացեալ որոշումին վերաբերեալ։
Արդարեւ, France Diplomatie կայքէջին վրայ 2022 Նոյեմբեր 30-ին տեղադրուած՝ մամլոյ ասուլիսի զեկուցումին մէջ կը կարդանք (չէ ճշդուած, թէ ո՞վ է մամլոյ ասուլիսը սարքողը).-
«Հ.- Ի՞նչ է կառավարութեան դիրքորոշումը Ծերակոյտին, այնուհետեւ Ազգային ժողովին կողմէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի վերաբերեալ ընդունուած երկու բանաձեւերուն մասին։
Պ.- Խորհրդարանական նախաձեռնութեամբ ընդունուած այդ բանաձեւը չի ներկայացներ կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը եւ ան որդեգրուած է ինքնուրոյն՝ իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքին համապատասխան։
Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը ծանօթ է եւ նախարարուհին բազմիցս արտայայտած է ,– ինչպէս դեռ Նոյեմբեր 29-ին,– որ «Ֆրանսա կը շարունակէ խրախուսել կողմերը ընդառաջ երթալու այս բանակցություններուն՝ օգտուելու համար խաղաղութեան կարելիութենէն»։
Եւ այս ոգիով է, որ Հանրապետութեան նախագահը Փրակայի մէջ համախմբեց Հայաստանի եւ Ազերպայճանի առաջնորդները, հանդիպում մը, որ յատկապէս յանգեցուց Հայաստանի տարածքին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։