Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը, իր նախագահին՝ Պետրոս Թերզեանի ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղած է Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարաց յանձնախումբի նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչի հասցէագրեալ։
Նամակով, Ազերպայճանի գործած անմարդկային բոլոր արարքներու, Եւրոպայի խորհուրդի սկզբունքներու, միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններու եւ դատարաններու որոշումներու այդ երկրին կողմէ ոտնահարման անհաշիւ պարագաներու ընդգծումէն ետք, կը պահանջուի Ազերպայճանի արտաքսումը Եւրոպայի խորհուրդէն, անոր կանոնադրութեան 3-րդ եւ յատկապէս 8-րդ յօդուածներուն համաձայն։
Արդարեւ, Եւրոպական խորհուրդի կանոնադրութեան 3-րդ յօդուածը կ՚ըսէ.
«Եւրոպայի խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ կը ճանչնայ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքը։ Կը ստանձնէ պարտաւորութիւն անկեղծօրէն եւ գործուն կերպով համագործակցելու՝ հասնելու համար առաջին գլուխին մէջ սահմանուած նպատակին, որ է՝ “պաշտպանել եւ յառաջ մղել անդամ պետութիւններու ընդհանուր ժառանգութիւնը հանդիսացող իտէալներն ու սկզբունքները”, ներառեալ “իրաւունքներու, հիմնական ազատութիւններու պաշտպանութիւնն ու զարգացումը»:
Իսկ յօդուած 8-ը իր կարգին կը սահմանէ.
«Եւրոպայի խորհուրդի որեւէ անդամ, որ լրջօրէն կը խախտէ 3-րդ յօդուածի դրոյթները, կրնայ զրկուիլ իր ներկայացուցչութեան իրաւունքէն, որուն՝ Նախարարներու յանձնախումբը կոչ կ՚ընէ հեռանալու: (…) Եթէ այս կոչը նկատի չ՚առնուիր, Յանձնախումբը կրնայ որոշել, որ տուեալ անդամը դադրած է Խորհուրդին մաս կազմելէ՝ այն օրէն, որ Յանձնախումբը ինք կը սահմանէ»:
Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նամակը կ՚եզրափակուի հետեւեալ տողերով.
«Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու մէջ կ՚աւելնան Ազերպայճանի դէմ պատիժներու կոչերը։ Եւրոպայի խորհուրդը պէտք է հաւատարիմ մնայ իր հիմնադիրներուն եւ իր կանոնադրութեամբ սահմանուած առաքելութեան: Ազերպայճանը ձեր կազմակերպութեան մէջ պահելը, որու բոլոր արժէքներն ու սկզբունքները կ՚արհամարհէ ան, վտանգ մըն է, որ կրնայ զայն վարկաբեկել եւ լրջօրէն վնասել անոր վստահելիութեան: Եւրոպայի խորհուրդը պէտք է անյապաղ այդ երկիրը արտաքսէ իր շարքերէն։ Խորհուրդին այսօրուան անգործութիւնը կը խրախուսէ Ազերպայճանը վերջնապէս աւարտին հասցնելու ցեղային զտման քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ շարունակելու իր յարձակումները Հայաստանի դէմ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։