Search
Close this search box.

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նոր արշաւը՝ «Հայաստան, ամէ՛ն ամիս»

«2020-ի պատերազմէն ետք, Հայաստան, իր անկախացումէն ի վեր կը գտնուի կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու դէմ-յանդիման։ Երաշխաւորելու համար Հայաստանի գոյատեւումը՝ ան պէտք ունի կանոնաւոր, կանխատեսելի ու մնայուն աջակցութեան։ Դիմագրաւելու համար այս նոր իրավիճակը, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը այսօր կը ձեռնարկէ նոր՝ դրամատնային ամսավճարներու (prélèvements mensuels) արշաւի մը՝ “Հայաստան, ամէ՛ն ամիս”»։

Այս տողերով է, որ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կ՚ազդարարէ հայրենանպաստ իր նոր նախաձեռնութիւնը, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը, ուր կ՚ըսուի նաեւ.- 

«Արձանագրուելով այս ամսավճարին՝ մենք բոլորս միասին կրնանք երաշխաւորել երկար ժամանակի վրայ տարածուող ձեռքբերումներ կենսական չորս ոլորտներու՝ գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, արեգակնային ուժանիւթի եւ Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման մէջ։

Այս արշաւը լուսաբանելու համար Սիմոն Աբգարեան, Ռոպէր Կէտիկեան եւ Վազգէն Թորանեան նկարահանեցին ֆիլմ մը, որուն կրնաք ծանօթանալ ստորեւ տրուած կապով.-

Այս արշաւին աջակցելու եւ սկսելու համար՝ արուեստի եւ լրասփիւռներու աշխարհի բազմաթիւ դէմքեր ստորագրեցին «Հայաստան, ամէ՛ն ամիս» հռչակագիրը։

Տարածեցէք այս մամլոյ հաղորդագրութիւնը եւ հռչակագիրը ձեր շրջապատի մարդոց, ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ ձեր բարեկամներուն:

Արձանագրուեցէք դրամատնային ամսավճարին՝ 

հետեւեալ կապով.-

https://dons.fondsarmenien.org/mensuel/

Հայաստանի ապագան այսօր կախեալ է մեր բոլորէն։

Շնորհակալութիւն Հայաստանի եւ Արցախի կանանց, այրերուն եւ երախաներուն համար։ Շուտով կը տեսնուինք։

Պետրոս ԹԵՐԶԵԱՆ,

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի նախագահ

Յ.Գ.- Ձեր նուիրատւութիւնը հարկերէն 66%-ով զեղչելի է»։ ■