Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը ողջունած է Մուրատ Փափազեանի` Հայաստան մուտքը արգիլելու Հայաստանի իշխանութիւններու քայլը

 

Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆաեւ մեծ խանդավառութեամբ հաղորդած է Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը:

«CCAF-ի համանախագահ, ՀՅԴաշնակցութեան բիւրոյի անդամ, Փաշինեանի ընդդիմադիր Մ. Փափազեան ձերբակալուած է Երեւանի օդակայանին մէջ եւ արտաքսուած՝ Փարիզ։  Պատմութեան բարոյականութիւնը. ժամանակն է, որ CCAF աջակցի տարածաշրջանին մէջ Ազերպայճանի ու Հայաստանի խաղաղութեան ջանքերուն», – կը ցնծայ ազերպայճանցի դեսպանը:

Նշենք, թէ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Փափազեանի նկատմամբ այս քայլը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած է Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի մէջ։ Այդ երկիրներու լրասփիւռները իրարու ետեւէ «աւետած են» իրենց այդքան անախորժութիւն պատճառած եւ Հայաստանի ու Արցախի համար այնքան ջանք թափած ՀՅԴ-ական Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքը…

Ի դէպ, այս թուիթը կատարուած է Փափազեանին՝ Հայաստան մուտքի արգիլումէն (Յուլիս 13) գրեթէ անմիջապէս ետք՝ Յուլիս 15-ին։ 

Խմբագրական