Մեհրիպան Ալիեւա եւ Ռաշիտա Տաթի
Ֆրանսահայ համայնքին մօտիկ դէմք մը համարուող Կապրիէլ Աթթալի վարչապետ նշանակումով՝ համայնքիս մէջ ստեղծուած որոշ խանդավառութիւնը տեւեց հազիւ 48 ժամ եւ վերջ գտաւ Հինգշաբթի, Յունուար 11-ին, նոր կառավարութեան կազմին յայտարարութեամբ։
Մինչ նախկին կառավարութեան շարք մը կարեւոր նախարարներ, ինչպէս՝ Ներքին գործոց, Արդարադատութեան, Ելմտական… վերանշանակուեցան իրենց պաշտօններուն, ապա Ֆրանսա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ որոշիչ դեր ունեցող Արտաքին գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու աթոռներուն նշանակուեցան նոր անուններ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յանձնուեցաւ Սթեֆան Սեժուրնէի, իսկ Մշակոյթինը… ծանօթ ազերպայճանամէտ Ռաշիտա Տաթիի։
Հետաքրքրական է, որ նման կարգադրութիւն կը զուգադիպի մասնաւորաբար Հայաստանի զէնք մատակարարելու որոշումէն ետք սաստկացած Ֆրանսա-Ազերպայճան յարաբերութիւններու լարումի այս շրջանին, մինչ երկու կողմերը փոխադարձաբար դիւանագէտներ կ՚արտաքսեն, ֆրանսացի «լրտես» մը կը ձերբակալուի Պաքուի մէջ եւ այլն…
Կասկած չի վերցներ, որ Արտաքին գործոց նախկին նախարար տիկին Գոլոննա,– որքան ալ դիւանագիտական ճկունութեամբ շարժած ըլլայ,– եւ մա՛նաւանդ Մշակոյթի նախկին նախարար տիկին Ապտիւլ-Մալաք Հայաստան իր վերջին այցելութեան առթիւ ունեցած անկեղծ ու արդար յայտարարութիւններուն համար հայամէտ նկատուած ըլլալու են. առաջինի պարագային՝ գոնէ «ոչ-ազերպայճանամէտ»։ Եւ Ֆրանսա-Ազերպայճան լարումի ենթախորքին՝ այս է որ «սրբագրուած» է։
Սա, հաւանաբար,– եւ դժբախտաբար. յուսանք կը սխալինք,– ցուցիչ մըն է վերատեսութեան ենթարկելու Ֆրանսայի վերջին շրջանի քաղաքականութիւնը, որ «շատ հեռու գացած է» հայամէտ դիրքորոշման մէջ եւ «հարկ էր կասեցնել»։ Բնականաբար, միամտութիւն պիտի ըլլար մտածել, որ Ֆրանսայի դիւանագիտութիւնը կը սահմանափակուի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հետ յարաբերութիւններով։ Անշուշտ՝ ո՛չ։ Բայց, յստակ է, որ այդ երկու երկիրներէն անդին կայ տարածաշրջանին նկատմամբ ամբողջ ռազմավարութիւն մը, եւ վստահաբար նաեւ ներկայ պարագային՝ ազերպայճանական ահաւոր ճնշում մը։
Եւ ըստ երեւոյթին, նման պայմաններու մէջ դժուար էր յանկարծակի շրջադարձ պահանջել Արտաքին գործոց նախկին նախարար տիկին Գոլոննայէն. հետեւաբար փոխարինուեցաւ նոր անունով մը, որ աւելի դիւրաւ կրնայ «նոր գիծ»-ով մը ներկայանալ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Մշակոյթի նոր նախարար Ռաշիտա Տաթիին, Ֆրանսայի քաղաքական ասպարէզին մէջ ո՞վ կրնար աւելի լաւ ներկայացնել Ազերպայճանի շահերը։ Նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ ան չէ նշանակուած Ազերպայճանի ազդեցութեան տակ, այդ նշանակումը առնուազն հսկայ քայլ մըն է Ազերպայճանը սիրաշահելու։
Տաթի 2016-էն բացէ ի բաց իր զօրակցութիւնը յայտնած է Ազերպայճանի «Ֆիկառօ»-ի մէջ ստորագրած բաց նամակով մը, ուր իրողութիւններն ու դէպքերը շրջելով՝ Ազերիները ներկայացուցած է զոհի դերին մէջ։ Ան սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ Ալիեւ ընտանիքին հետ։
Ըստ «Լը Մոնտ» թերթին, Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի բարեկամներու ընկերակցութիւնը (AAA) ազերպայճանական խաւիարային դիւանագիտութեան «հիմնական գործիքն» է: AAA-ի տնօրէններու խորհուրդը կ՚ընդգրկէ ֆրանսացի խորհրդարանականներ, որոնց մէջ է Ռաշիտա Տաթի։ Այս ընկերակցութիւնը գլխաւորաբար կը գանձատրուի «Հեյտար Ալիեւ» հիմնադրամին կողմէ, որու ղեկավարն է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւա:
Այս ընկերակցութիւնը յատկապէս ծանօթ է զանազան երկիրներու դիւանագէտներու, խորհրդարանականներու կատարած իր «վարձատրութիւններ»-ով։
Գրութիւնը աւարտենք երգիծական երանգով (եթէ դեռ «սիրտ մնացած է»). AAA-ի հիմնադիր ֆրանսացի նախկին երեսփոխան Ժան-Ֆրանսուա Մանսէլ հիմնադրութեան օրերուն (1998), «Էքսփրէս» շաբաթաթերթին՝ Ազերպայճանի մասին ըսած է. « բացառիկ օրինակ մըն է ուրիշին նկատմամբ լայնախոհութեան եւ յարգանքի»։
Ա. Դ.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։