Search
Close this search box.

Ֆրանսացի երեսփոխանը յիշեցուցած է Արցախի մէջ Ազերպայճանի՝ ճիհատականներ օգտագործելը

«Ազերպայճան COP29 կոչուող ֆեյքերու աննախադէպ ալիք կը պատրաստէ»։ Այդ մասին ընկերային ցանցերու մէջ գրած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լոռանս Փեթէլ։

«Իրական Ազերպայճանը քարիւղի ու կազի պետութիւն է:

Բռնապետութիւն՝ ընդդէմ մարդկային իրաւունքներու:

2020 թուականին Ազերպայճան օգտագործած է ճիհատականներ եւ ֆոսֆորային ռումբեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

2023 թուականին օգտագործած է շրջափակումն ու սովը:

Բարի գալուստ CopOfShame (Ամօթի Cop)»,– գրած է ան: