Երկօրեայ այցով Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ Հոկտեմբեր 29-ին այցելած են Սիւնիքի մարզ: Անոնք Գորիսի մէջ հանդիպում ունեցած են Սիւնիքի մարզպետի տեղակալ Նարէ Ղազարեանի, Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանի հետ:
Վերջիններս հիւրերուն մանրամասն ներկայացուցած են ազերպայճանական սեպտեմբերեան ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մարզին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, խնդիրները: Նշուած է, որ հակառակորդը թիրախաւորած է խաղաղ բնակչութիւնը, վիրաւորուած են գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներ: Արձանագրուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն գիւղացիներէ` խոշոր եղջերաւոր մեծաքանակ անասուններու գողութեան դէպքեր: “Այսուհանդերձ ոչ մէկ գիւղացի լքած է իր բնակավայրը”,– նշած է Առուշանեան: Հայկական կողմը ընդգծած է միջազգային հանրութեան կողմէ Ազերպայճանի վարած քաղաքականութեան հասցէական դատապարտման կարեւորութիւնը:
Հիւրերը յայտնած են, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ իրենք ներգրաւուած են հայկական հարցերը բարձրացնելու միտող գործընթացներու մէջ, եւ իրենց հոդ ստացած՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ ազերպայճանական ոտնձգութիւններու մասին տեղեկութիւններն ալ պիտի հաղորդեն թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան: Կը նախատեսեն նաեւ խորհրդարանին մէջ որդեգրել Ազերպայճանի յարձակումը դատապարտող եւ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը պահանջող բանաձեւ մը:
Սիւնիքի փոխմարզպետի ուղեկցութեամբ ֆրանսացի հիւրերը այցելած են նաեւ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններէն տուժած Վերիշէն ու Վաղատուր գիւղերը, ծանօթացած՝ գործուած աւերածութիւններուն:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ զուգորդուած քաղաքներ՝ Գորիսի եւ Վիէնի միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։